Գանատայի, Հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան եւ արեւմտեան թեմերու առաջնորդներուն՝ Բաբգէն արքեպիսկոպոս Չարեանի, Անուշաւան արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի եւ Մուշեղ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ, կրօնական դասի հոգեւորականները այցելեցին մեր վարժարանը:
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10ն մեր վարժարանին համար եղաւ պատմական օր, որովհետեւ Գանատայի, Հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան եւ արեւմտեան թեմերու առաջնորդներուն՝ Բաբգէն արքեպիսկոպոս Չարեանի, Անուշաւան արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի եւ Մուշեղ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ, կրօնական դասի հոգեւորականները այցելեցին մեր վարժարանը:
Մուտքին՝ հոգեւորականները «Աղ ու Հաց»ով դիմաւորուեցան տնօրէնութեան եւ 8րդ կարգի աշակերտութեան կողմէ, որմէ ետք այցելեցին առաջին կարգի դասարանները, գրադարանը, ապա ուղուեցան մարզասրահ, ուր 6րդ եւ 7րդ կարգերու աշակերտներուն կողմէ գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը: Աւարտին խօսք առաւ վարժարանիս տնօրէնուհին՝ Դքթր. Թալին Քարկոտորեանը, ըսելով. «Շամլեան վարժարան ձեր այցելութիւնը առանձնաշնորհում մըն է, ինչպէս նաեւ մեծ պատիւ ու պարծանք, որովհետեւ արժանացանք ձեր հոգեւոր աղօթքներուն եւ օրհնութեան»: Յայտագիրի աւարտին, Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը շնորհաւորեց աշակերտները իրենց տպաւորիչ ելոյթին համար, ապա հրաւիրեց Գանատայի առաջնորդ Փարէն արքեպիսկոպոս Չարեանը, որ իր պատգամով եզրափակէ յայտագիրը:
Սրբազան հայրը խորապէս տպաւորուած աշակերտներուն ելոյթով, անոնց ցուցաբերած հայկական ոգին գնահատելով, լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ նոր սերունդին ունենալիք դերակատարութեան՝ հայ ժողովուրդի գոյատեւման մէջ: ✝️ #Clergy #Visit #ArmenianChurch #ChamlianPride #ChamlianFamily