Home
Ուսում.-
Անունս Սոնիկ Աւետիսեան է:
Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն շրջանաւարտ եմ:
Հետեւած եմ Հալէպի Համազգայինի հայագիտական, հոգեբանական եւ մանկավարժական դասընթացքներուն:
Լոս Անճելըսի մէջ գործող՝ Մաշտոց գալէճէն մանկավարժական ուսում եւ համապասխան վկայական ստացած եմ:
2021էն ի վեր կը շարունակեմ մասնակցիլ Գալուստ Կիւլպէնկեանի հիմնարկած «Մանկավարժական Նորարար Առցանց Ծրագիր»ի դասընթացքներուն:
2023ի ամրան, Ֆիլատելֆիոյ մէջ, նոյն հիմնարկին կազմակերպած խտացուած դասընթացքին մասնակցած եմ:
Աշխատած եմ Ազգային եւ միութենական զանազան մարզերէ ներս:
Աշխատանքի փորձառութիւն.-
Մանկապարտէզի հայերէն լեզուի ուսուցչուհի:
Նախամանկապարտէզի հայերէն լեզուի ուսուցչուհի:
Առաջին եւ երկրորդ դասարաններու հայերէն լեզուի օգնական ուսուցչուհի:
Նախասիրութիւններ.-
-Ընտանիք
-Մարզանք
-Ընթերցանութիւն
-Ազգային եւ միութենական կամաւոր աշխատանքներ
-Հայ լեզուի սէրը եւ արժէքները, նոր սերունդին փոխանցել
«Հայ ծնիլը պատիւ է, ապրիլը պայքար, իսկ մեռնիլը յաղթանակ»:
Վազգէն Ա.կաթողիկոս
«Հայ լեզուն դարձաւ հայրենիք` անհայրենիք հայուն
Հայ լեզուն դարձաւ տուն` անտուն հայուն»:
Արամ Ա.կաթողիկոս