Home
Անունս՝ Ալին Թիմուրեան Տանկուրեան է:
Սուրիոյ, Հալէպ քաղաքի Հ.Բ.Ը.Միութեան Լ.Ն.Գ.Կ. Կեդրոնական վարժարանէն երկրորդական ուսումս ստանալէ ետք, աւարտած եմ Հալէպի համալսարանի բժշկական ուսումնարանը (տարրալուծարանային բաժին), ապա՝ հետեւած Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքին, ստանալով համապատասխան վկայագիր: Աւարտած եմ Հալէպի Պետական Երաժշտանոցի դաշնամուրային բաժինը:
(1996-2013) Հալէպի Լ.Ն.Գ.Կ. Կեդրոնական վարժարանէն ներս, նախակրթարան եւ միջնակարգ բաժիններու աշակերտներուն՝ մայրենի լեզու, կրօն եւ պատմութիւն դասաւանդած եմ:
2014 - 2015 ուսումնական տարեշրջանին, պաշտօնավարած եմ Քրեսենթա հովիտի, Հ.Օ.Միութեան՝ «Թալին» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոցէն ներս:
2016 թուականէն ի վեր, Շամլեան Ազգային վարժարանէն ներս, տարբեր կարգի աշակերտներու, մայրենի լեզու, կրօն եւ հայոց պատմութիւն կը դասաւանդեմ:
2017էն ի վեր կը պաշտօնավարեմ Քրեսենթա հովիտի Զաւարեան ամառնային ճամբարէն ներս:
Մեծ պարագէտ լուսահոգի՝ Գագիկ Գինոսեանի կոչին անսալով.- «Այն, ինչը ժառանգել ենք մեր պապերից, պարտաւոր ենք փոխանցել սերունդներին», մեծ սիրով մեր մայրենին, պատմութիւնն ու հարուստ ժառանգութիւնը աշակերտներուս կը փոխանցեմ: