Home

 Աւելի քան ութ տարիներէ ի վեր պատիւն ունիմ Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի ուսուցչական կազմին մաս կազմելու, որպէս հայերէն լեզուի ուսուցչուհի:

  Նպատակս է աշակերտներուս սիրտերուն մէջ հայկական ոգին սերմանել, հայերէն լեզուն եւ մշակոյթը հաճելի եւ հետաքրքրական ձեւերով սորվեցնել:

  Դասերը յարմարեցնելով իւրաքանչիւր աշակերտի առանձնայատուկ կարիքին, հաճելի եւ խանդավառ ուսուցման միջավայր մը կը ստեղծեմ, ուր  հայկական ժառանգութեան գեղեցկութիւնը կը վայելենք, սովորութիւնները եւ աւանդութիւնները կը սորվինք։

Ուսումնական Կրթութիւն

  • Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան, Հալէպ/Սուրիա
  • Պսակաւոր Արուեստի Վկայական Ելեկտրական Երկրաչափութեան Համալսարան

B.A. Electrical Engineering, Հալէպ/Սուրիա

  • Մանկավարժութեան Վկայական Մաշտոց Քոլէճ, Լոս Անճելըս
  • ICDL International Computer Driving License  

Փորձառութիւն

  • 2016էն սկսեալ Շամլեան Ազգային վարժարանէն ներս, մանկապրտէզ, առաջին եւ երկրորդ կարգերու հայերէն լեզուի դաստատու
  • 2021էն ի վեր կը շարունակեմ մասնակցիլ Գալուստ Կիւլպէնկեանի հիմնարկած «Մանկավարժական Նորարար Առցանց Ծրագիր»ի դասընթացքներուն
  •  2023ի ամրան, Ֆիլատելֆիոյ մէջ, նոյն հիմնարկին կազմակերպած խտացուած դասընթացքին մասնակցած եմ
  • Քսան տարիներու ուսուցչական փորձարութիւն

Հետաքրքրութիւններ/Զբաղումներ
  Իմ աշխարհս լեցուած է ընտանեկան պահերու ուրախութեամբ, գիրքերուն մէջ գտնուած գեղեցկութեամբ, ճամբորդութեան մէջ գտնուած արկածախնդրութեամբ եւ խոհարարութեան մէջ բացայայտուած ստեղծարարութեամբ։

Ներշնչում
«Կրթութիւնը ամենաուժեղ զէնքն է, որուն միջոցով դուք կրնաք փոխել աշխարհը»։ Նելսոն Մանտելա