Home
Անունս Արփի Տապպաղեան է
Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն Շրջանաւարտ եմ: Հայագիտութեան վկայականս ստացած եմ Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի Հայագիտական ամպիոնէն:
Ուսուցչական ասպարէզս սկսած եմ Հալէպի «Զաւարեան» Ազգային վարժարանէն: Լոս Անճելըսի մէջ երկար տարիներ պաշտօնավարած եմ Մխիթարեան հայրերու վարժարանէն ներս՝ դասաւանդելով Հայերէն Լեզու, Հայոց Պատմութիւն, ինչպէս նաեւ բեմադրած աշակերտական թատրոններ:
Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանէն ներս՝ առաջին, երկրորդ եւ երրորդ կարգերու Հայերէն լեզու, Հայոց Պատմութիւն եւ Կրօն կը դասաւանդեմ, ինչպէս նաեւ սոյն կարգերուն ղեկավար ուսուցչուհին եմ:
Մեծ հաճոյքով կը ղեկավարեմ նաեւ Շամլեան վարժարանի յետ դպրոցական «Հայկական Թատերախումբ»ը: Շատ կը սիրեմ հայկական թատրոնը, երգը եւ պարը:
Քրեսենթա Հովիտի շրջանին մէջ, երկու տասնամեակներէ ի վեր գործող «Զաւարեան» ամառնային ճամբարէն ներս Տնօրէնուհիի պաշտօն կը վարեմ: Կը սիրեմ կարդալ, ստեղծագործել եւ նորարարութիւններ բերել՝ յարմարելով ներկայ սերունդի պահանջքներուն, որպէսզի կարենամ աշակերտներուս հաճելի եւ մատչելի ձեւերով հայերէն լեզուն, մշակոյթը եւ աւանդութիւնները փոխանցել:
«Կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց. ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, այ՛ն մնաց»: Վահան Թէքէեան