Home
Լեզուն ո՛չ միայն ազգը բաղկացնող անդամներուն միջեւ հաղորդակցութեան կենդանի կապ է, այլ նաեւ՝ ազգի մը հաւաքական ինքնակերտումին ու ինքնարտայայտութեան ամէնէն զօրեղ ազդակներէն մէկը։ Հետեւաբար, իր իւրայատուկ հնչականութեամբ, շարահիւսութեամբ ու ոճով, լեզուն, որոշ իմաստով, կ’արտացոլացնէ ազգի մը նկարագրային իւրայատուկ գիծերը, անոր ներքին տագնապները, երազներն ու մաքառումները։
Արամ Ա․ Կաթողիկոս
Ազգիս ծառայելը հայկական կազմակերպութիւններու միջոցով, եղած է ընտանեկան հայեցի եւ քրիստոնեական դաստիարակութեանս կարեւոր կռուաններէն մին։
Կամաւոր աշխատանքներ.
- ԲԵրիոյ Հայոց թեմի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ երիտասարդական միութեան անդամ
- Հալէպի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թատերական Յանձնախումբի անդամ
- Հալէպի Հայ Ծերանոցի Երիտասարդաց Յանձնախումբի անդամ
-Ռ․ Թիւֆէնքեան, Վ․ եւ Ա․ Շամլեան եւ Ռ․ եւ Ա․ Փիլիպոս Ազգային վարժարաններու Ծնողաց Օժանդակ Մարմիներու անդամ
- Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան անդամ
- Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորի անդամ
- Ա․Մ․Ն․ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամ
- Ա․մ․ ն․ Ազգային Առաջնորդարանի կիրակնօրեայ հեռուստաժամի «Եկեղեցին Հայկական» յայտագիրի հաղորդավարուհի
Ուսումնական Կրթութիւն․
- Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան Հալէպ/ Սուրիա
- Պսակաւոր արուեստից վկայական Տնտէսագիտութեան մէջ / Հալէպ-Սուրիա
- Պսակաւոր Արուեստից վկայական Հայագիտութեան մէջ Մաշտոց քոլէճ / Լոս Անճելըս
- Վկայական՝ «Պո-Արաքս» Մշակութային Ընկերակցութեան՝ Հայ լեզուի եւ մշակոյթի Վենետիկեան ամառնային խտացեալ դասընթացք / Վենետիկ-Իտալիա
Գրականութեան հանդէպ սէրս ու հետաքրքրութիւնս ընդհանրապէս եւ հայ գրականութեան հանդէպ մասնաւորապէս, մղեցին զիս իրականացնելու նպատակս՝ ստանալով Մաշտոց Քոլէճէն Հայագիտութեան վկայական եւ զայն ի գործ դրի հայ աշակերտին հայեցի դաստիարակութեան եւ մայրենի լեզուի ուսուցման առաքելութեան մէջ։
2017 էն սկսեալ կը պաշտօնաւարեմ Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարանէն ներս, որպէս հայերէն լեզուի օգնական ուսուցչուհի, ASL-ի ուսուցչուհի, Ե․ եւ Զ․ կարգերու հայերէն լեզուի դասատու։
Նախասիրութիւններ․
Ընթերցանութիւն, մարզանք, կամաւոր ծառայութիւն ինչպէս նաեւ զարգացնել հայերէն լեզուի, հայ մշակոյթի եւ հայկական աւանդութիւններու գիտելքներս հայ աշակերտներուս մասնակցութեամբ ստեղծելու հետաքրքրութիւն հանդէպ իրենց հայկական ինքնութեան։
ՆԵրշնչում․
«Ամէն ինչ կրնամ տանիլ շնորհիւ Քրիստոսի, որ զիս զօրացուց»
(Փիլիպեցիներ 4։13)
Վերոյիշեալ Աստուածաշունչի տողերը կ՛առաջնորդեն զիս, դիմագրաւելու կեանքի մարտահրաւէրները եւ կը մղեն դրական ներդրումով սատարելու հայ գաղութիս։