Home
Վարժարանիս մէջ դասաւանդութեան պետական ծրագիրին զուգընթաց կը դասաւանդենք հայագիտական նիւթեր, որոնց ծրագիրը մշակուած է Ազգային Առաջնորդարանի Խնամակալ Մարմինին կողմէ: Այս ծրագիրը հայերէն լեզուն, հայոց պատմութիւնն ու հայկական մշակոյթը սորվեցնելու եւ իւրացնելու կը միտի: Այս առումով, Շամլեան Ազգային վարժարանէն շրջանաւարտ աշակերտը պիտի տիրապետէ հայերէն լեզուով սահուն ընթերցանութեան, կարդացածը ըմբռնելու եւ բերանացի արտայայտուելու կարողութեան, պիտի ունենայ հարուստ բառապաշար եւ միտքը գրաւոր ձեւով արտայայտելու կարողութիւն, ինչպէս նաեւ ձեռք պիտի ձգէ հայերէն տառերով մեքենագրելու հմտութիւն, հայոց պատմութեան մէջ տեղի ունեցած կարեւորագոյն դէպքերուն պիտի ծանօթանայ եւ կրօնաբարոյական դաստիարակութիւն ստանայ:
Շամլեան Ազգային վարժարանէն ներս հայերէն լեզուն կը դասաւանդուի իր արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն ճիւղերով: Իւրաքանչիւր կարգ օժտուած է ընթերցանութեան, հայոց պատմութեան եւ կրօնի դասագիրքերով իրենց արեւելեահայերէն եւ արեւմտահայերէն տարբերակներով: Դասաւանդութիւնը հետաքրքրական եւ մատչելի դարձնելու նպատակով կ’օգտագործուին արհեստագիտական արդիական զանազան միջոցներ ինչպէս օրինակ՝ համակարգչային զանազան խաղեր եւ ծրագիրներ, ուսումնասիրական աշխատանքներ, գիրքի ընթերցում - ամփոփում, շարադրութիւններ եւ խմբական աշխատանքներ: Հայրենաւանդ ուսուցիչները իւրաքանչիւր կարգի համար պատրաստած են յատուկ ուղեգիծ-ծրագիր մը, որ կը գոհացնէ ուսումնական տարբեր մակարդակներ ունեցող աշակերտներուն պահանջները:
In conjunction with our regular curriculum, we offer a comprehensive Armenian Studies program developed by the Prelacy Board of Regents. The program is geared towards the acquisition and mastery of the Armenian language, history and culture. The course objectives include Armenian reading fluency and comprehension skills, oral expression, Armenian vocabulary enrichment and writing fluency, Religious Studies, Armenian typing, and Armenian history.
Chamlian Armenian School offers classes in both Eastern and Western Armenian dialects. Recently published Reading, History, and Religion textbooks in both dialects are available for every grade level. Lessons are made interesting and relevant to students through a variety of activities, including plays, projects, book reports, written expression and cooperative group work. Teachers in all grade levels have developed comprehensive curriculum pacing guides which include differentiation strategies geared to the various levels of learners in the classroom.