Մեծ էր Շամլեան ընտանիքին ուրախութիւնը: Աշակերտները եւ ուսուցչական կազմը, «Անուշ» cateringի կողմէ ճաշով հիւրասիրուելէ ետք, բակ ուղուեցան, ուր հայկական երգերու եւ պարերու ճոխ տրամադրութիւն կը տիրէր: Խրախճանքին, աւանդական դհոլ-զուռնայով իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Վարդան Արութիւնեանն ու իր խումբը, իսկ Patille Dance Studioի պարուսոյցներ՝ Փաթիլ եւ Սինդիա Ալպարեանները հայկական գեղեցիկ պարերով միացան տօնախմբութեան:
Ապա, աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը վարժարանիս մարզասրահը ուղղուեցան: Այնտեղ, խօսք առաւ վարժարանիս հայերէնաւանդ ուսուցչուհի ՝ Օրդ. Անի Պէրպէրեանը: Ան հակիրճ ձեւով ներկայացուց անկախութեան ստեղծման պայմանները: Օրդ. Պէրպէրեանը մէջբերելով Ուիլիըմ Սարոյեանի խօսքը, ըսաւ.« Աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ ուժ կրնայ ոչնչացնել մեզ, երբ կան հայերէն խօսող, հայերէնը սիրող եւ հայրենիքը սիրող սերունդներ: Ուրեմն, դուք ալ սիրելի՛ աշակերտներ ամէն օր կ'ուխտէք, որ հայերէն պիտի խօսիք, հայ պիտի մնաք եւ այս ձեւով պիտի յաղթէք թուրքին»:
Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, որուն հասոյթը պիտի նպաստէ Վարժարանիս նորաստեղծ ՝ Անիթա Թորոսեան գրադարանը հայերէն գիրքերով հարստացնելու :
Մթնոլորտը ճոխացնելու համար հրաւիրուած էին երգիչներ՝ Վարանդ Վարդանեանն ու Ռաֆֆի Պատոյեանը, որոնք ազգային եւ յեղափոխական երգերու մեկնաբանու- թեամբ բոլորին սիրտերն ու հոգիները հպարտութեամբ լեցուցին:
Այս տօնակատարութիւնը իւրաքանչիւր աշակերտի էութեան մէջ դրօշմեց եւ ամրապնդեց այն ուխտը, զոր իւրաքանչիւր հայորդիի ուխտն է ըլլալ՝ արժանի ժառան- գորդը անկախութիւնը կերտող անձնուէր հերոսներուն: