The visit began at the “St. Dertad and St. Ashkhen” Chapel with the Lord’s Prayer recited by the students and a Christmas hymn sung by the Prelate and Fr. Torkom & Fr. Nareg. The visit continued at the “Dikran and Zarouhie Der Ghazarian” Hall, where the students presented a festive Christmas program.
The students then sang songs and recited poetry about Christmas.
At the conclusion of the program His Eminence conveyed his commendation to the students, teachers, and parents, thanked them for their well wishes, conveyed his New Year blessings and Christmas tidings to all, and gifted prayer card mementos. The students presented gift baskets to the Prelate, and the visit concluded with the benediction by His Eminence.
ԱԶԳ. Վ. ԵՒ Ա. ՇԱՄԼԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ա. ԿԱՐԳԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ
Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ԴԱՍԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~
Հինգշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2017ին, Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի Ա. կարգի աշակերտները Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին, եւ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ հիւրընկալուեցան , անոր հետ Յիսուսի Ծննդեան մասին կրօնի դասը բոլորելու : Սրբազան Հօր կողքին էին նաեւ Առաջնորդական փոխանդորդ՝ Տէր Թորգոմ Ծայրագոյն Վարդապետ Տօնոյեանը եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանը: Վարժարանի տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանը, փոխ-տնօրէնուհին՝ Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեանը, դաստիարակները եւ ծնողները աշակերտներուն կ'ընկերակցէին:
Առաջնորդ Սրբազանը, զանոնք նախ ընդունեց «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ, ուր տեղի ունեցաւ աղօթքի պահ մը: Միասնաբար արտասանեցին Տէրունական Աղօթքը, ապա՝ Առաջնորդ Սրբազանը, Տէր Թորգոմ Ծայրագոյն Վարդապետ Տօնոյեանն ու Տէր Նարեկ Քահանան երգեցին «Խորհրուդ մեծ եւ սքանչելի» շարականը:
Աշակերտները առաջնորդուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը, ուր մատուցուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Աշակերտները երգեցին, ասմունքեցին եւ պատմեցին Յիսուսին Ծննդեան պատմութիւնը:
Յայտագիրի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց աշակերտները, ուսուցիչներն ու ծնողները, շնորհակալութիւն յայտնեց բարեմաղթութեանց համար եւ մաղթեց, որ Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը բարիք բերեն բոլորին: Իբրեւ գնահատանք՝ Առաջնորդ Սրբազանը աշակերտներուն եւ ծնողներուն նուիրեց աղօթագիրքեր, խաչեր եւ Սուրբ Ծննդեան պատկերներ: Աշակերտները, իրենց կարգին, յուշանուէրներ բերած էին Առաջնորդ Սրբազանին: Հանդէսի աւարտին Սրբազան Հայրը «Պահպանիչ»ով օրհնեց բոլորը: